2013-09-26 12:31:42

''Աղօթքը` Փրկութեան Միակ Միջոցն Է'' Ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը, Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան Դիտաւորութեամբ Մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին


Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը ու անոր ընկերացող 14 եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւնը, երէկ ` չորեքշաբթի 25 սեպտեմբերի առաւօտեան, մասնակցեցան ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան դիտաւորութեան մատուցած առօրեայ ս. պատարագին որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը։
Արարողութեան աւարտին Մարոնիներու Պատրիարքը եւ պատուիրակութիւնը հակիրճ հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ որուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի նպաստ հոգատարութեան, վերահաստատելով Մարոնի Եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռի հանդէպ հաւատարմութիւնը։ Ռայի Պատրիարքը իր խօսքին մէջ հաստատեց թէ Սրբազան Քահնայապետին աղօթքներն ու քաջալերանքը , յոյս եւ մխիթարանք ներշնչեցին միջին արեւելքի մէջ ապրող ժողովուրդներուն։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծած էր թէ ''Աղօթքը , միշտ եւ ամենուրեք, դժուար պահերու ընթացքին, ըլլլալու է ուղեւորութեան Ճանապարհը, դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները։Հարկ է ուրեմն աղօթել անդադար'' մատնանշած էր Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.